Ուրբաթ օգոստոս 1-ի առաւօտեան ժամը 7-էն, Իսրայել եւ Համաս ընդունեցան` Միացեալ նահանգներու
եւ ՄԱԿ-ի կողմէ առաջարկուած 72 ժամուայ մարդկայնական զինադադարի կիրարկումը։ Մինչ երկկողմանի
պատուիրակութիւններ մեկնած են Գահիրէ` բանակցական հանդիպումներ ունենալու նպատակով։
26 օր տեւող այս հակամարտութիւններու զոհերուն թիւը հասած է 1450-ի, Պաղեստինեան
կողմէ մինչ Իսրայելեան կողմէ զոհուած են 61 զինուորներ եւ 3 քաղաքացիներ: Միւս կողմէ,
իսրայէլեան բանակը պահեստի 16 հազար զինուորներ զօրակոչի ենթարկեց: Զօրակոչի ենթարկուած
պահեստի զինուորներուն թիւը բարձրացնելով 86 հազարի: Պաղեստինեան դիմադրութեան յանձնախումբերու
բանբեր Ապու Մուժահետ յայտնեց, որ Կազայի մէջ գործողութիւնը շարունակելու համար հազարաւոր
զինուորներ զօրակոչի ենթարկելու մասին իսրայէլեան բանակի յայտարարութիւնը անարժէք է`
վստահեցնելով. «Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իսրայէլեան քաղաքներն ու բնակեցման վայրերը
հարուածել»: